2015-01-17 09:03:24

''Աղքատներու իմաստութիւնը''` Մանիլա թեմի առաջնորդին տպաւորութիւնները ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հանդիպումի մասին փողոցի երախաներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կարդինալ Թակլէ ` առաջնորդը Մանիլա թեմին, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով իր տպաւորութիւնները դրսեւորեց Սրբազան Քահանայապետի հանդիպումի մասին, փողոցի պատանիներուն հետ։
Ականատես եղայ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի յուզումին ու խօսուն լռութեան փողոցի պատանիներու տառապանքին ի տես - ըսաւ Կարդինալը։ Խօսուն լռութիւն մըն է որ աւելի պերճախօս է քան բառերը։ Ինծի համար այս օրը ամենէն իւրայատուկ օրը եղաւ։ Սրբազան Հայրը կարող է զգալ ու շօշափել աղքատներուն իմաստութիւնը։ Ինծի համար ասիկա տպաւորիչ է։ Ան կը խօսի որպէս հովիւ, շատ բան կը սորվեցնէ, կը քաջալերէ ու նաեւ կը ցնցէ։
Սրբազան Հօր զօրութիւնը կը կայանայ դաս առնել պարզերէն ու աղքատներէն։
Ան Զօրաւոր խօսքեր արտասանեց եղծումի ու կաշառքի դէմ, ընկերային անարդարութիւններու դէմ ու անոնց հետեւանքներուն դէմ։ Երկիրը, դիտել տուաւ կարտինալ Թակլէ, տարեկան 7 տոկոսով աճում կ’արձանագրէ եւ սակայն անոր բնակչութեան 70 տոկոսը յետին աղքատութեան մէջ կ’ապրի։ Դժբախտաբար եղծումն ու կաշառքը մշակոյթի մաս կը կազմէ։ Ասիկա մեզի համար շատ մեծ ու կարեւոր դաս մըն է։
Կարդինալը ապա յայտնեց որ շաբաթ օրը ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կ’այցելէ Թագքոպանը, իր առաքելական ճամբորդութեան ամենէն սպասուած հանգրուանը, քանի հանդիպում պիտի ունենայ ''Եոլանտա'' մրրիկի վերապրողներուն հետ։
Սրբազան Հայրը կարեկցութեամբ ու գթութեամբ պիտի բաժնէ Թաքլոպանի բնակիչներու ապրած տառապանքը։ Այդ հանդիպումին նաեւ պիտի մասնակցին Պոհոլ կղզիի բնակիչները, որոնք անցեալ Հոկտեմբեր 2013-ին զոհ եղան երկրաշարժի։ Նոյնպէս Թաքլոպան պիտի հասնին Mindanao-ի, Zamboanga-ի զինեալ ընդհարումի խումբ մը զոհերը։
Մինչ Կիրակի օրը, Rizal Park- մէջ հաւանաբար կրկնուի չորս միլիոն հոգիներու տեսարանը, ինչպէս կատարուեցաւ քսան տարի առաջ` սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի այցելութեան ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.